2017-07-15 09:50:00

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն կոչը` Ազրպէյճանին


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Մարեք Եուրեքը` Լեհաստանէն եւ Քոսթաս Մաւրիտասը` Կիպրոսէն կոչ կ՛ուղղեն Ազրպէյճանին դադրեցնելու  Ազրպէյճանի խաղաղ բնակչութիւնը օգտագործել իբրեւ կենդանի վահան եւ շփման գիծին մէջ ներդնելու ԵԱՀԿ-ի անկախ հետաքննական մեքանիզմ:

«2017-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը շարունակած են խախտել շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւնը: Ազրպէյճանը բնակելի տարածքին մէջ տեղադրած է բազմակողմանի հրթիռային համակարգ, որուն պատճառով անոր սեփական քաղաքացիները դարձած են կենդանի վահան: Դէպքը յանգեցուցած է ազրպէյճանական կողմի երկու քաղաքացիական անձերու կորուստի: Մենք կը ցաւինք երկու անմեղ զոհերուն համար եւ կ՛ընդգծենք, որ ինչպէս այդ ողբերգութենէն, այնպէս ալ զինուած ուժերու միջեւ միւս բախումներէն կարելի էր խուսափիլ, եթէ  Ազրպէյճան համաձայնէր ներդնել հետաքննութեան անկախ մեքանիզմ, որպէսզի յստակացուի, թէ կողմերէն ո՛ր մէկը կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ատիկա առաջարկած է քանի մը անգամ: Հայկական կողմը համաձայնած է ներդնել այդ մեքանիզմը: Ցաւօք, պաշտօնական Ազրպէյճանը կը շարունակէ ատիկա մերժել», ըսուած է եւրոպացի երեսփոխաններու յայտարարութեան մէջ:

Անոնք ընդգծած են, որ հետաքննութեան մեքանիզմը կրնար օգնել խուսափելու 2016-ի ապրիլեան պատերազմէն, որուն ընթացքին  Ազրպէյճան գնդակոծած է հայկական գիւղերը, այդ պատճառով ալ զոհուած է 12-ամեայ Վաղինակ Գրիգորեան` դպրոց երթալու ճամբուն վրայ:

«Թալիշ գիւղին մէջ 90-ամեայ ամուսիններու դիակները դաժանաբար խոշտանգուած են ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ, անոնց ականջները կտրուած են: 2016-ի ապրիլէն ազրպէյճանական զինուած ուժերը իրականացուցած են զինուորական յանցագործութիւններ, որոնց կարգին` ՏԱՀԵՇ-ի ոճով գլխատուած է հայ զինուոր Քեարամ Սլոյեան:

«Անոր կտրուած գլխուն նկարները ազրպէյճանական կողմը տեղադրած է ընկերային ցանցերու վրայ, իսկ այդ դաժան սպանութիւնը ընդունուած է իբրեւ հերոսական գործողութիւն: Այդ բարբարոսական գործողութիւնները, ցաւօք, կը հանդիսանան Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան հետեւանք` բարձրագոյն մակարդակով սնուցուած գործողութիւններ, ինչպիսիք են Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ իր հայ գործընկերը կացինահարելը Պուտափեշտի մէջ, նոյն Սաֆարովը Ազրպէյճանի մէջ իբրեւ ազգային հերոս ընդունիլը», ըսած են երեսփոխանները: Քոսթաս Մաւրիտաս եւ Մարեք Եուրեքը նշած են, որ տագնապի կողմերուն կորուստները ողբերգութիւն են եւ անոնք պէտք է բացարձակ կերպով կանխուին:

«Անթոյլատրելի է բնակչութիւնը օգտագործել իբրեւ կենդանի վահան` օգտագործելով բնակեցուած տարածքներ, ապա քարոզչական նպատակով լուսանկարներ տարածել: Հետաքննութեան մեքանիզմը պէտք է անյապաղ ներդնել: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանին դադրեցնելու սեփական բնակչութիւնը օգտագործել իբրեւ կենդանի վահան եւ ներդնել ԵԱՀԿ անկախ հետաքննութեան մեքանիզմ, ինչ որ  բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ բանակցութիւններու եւ փոխադարձ վստահութեան համար», նշած են եւրոպացի երեսփոխանները:








All the contents on this site are copyrighted ©.